2009-02-03 14:29:09

2009 տարին Երիտասարդութեան տարի` երիտասարդութեան կարեւորութիւնը։


Եթէ կ՛ուզենք հայրենիքը զօրացնել, պէտք է դառնանք երիտասարդութեան. եթէ կ՛ուզենք եկեղեցին պայծառացնել, պէտք է դառնանք երիտասարդութեան. եթէ կ՛ուզենք մշակոյթ ծաղկեցնել, դարձեալ պէտք է դառնանք երիտասարդութեան։



Մեր եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքէն ներս գործող կառոյցները վերջին տասնամեակներուն, առաւել կամ նուազ չափով ու զանազան կերպերով, սկսած են երիտասարդութեան կարեւորութիւնը շեշտել։ Արդարեւ, հպանցիկ ակնարկ մը մեր շրջապատին՝ ցոյց պիտի տայ հետզհետէ աճող նախանձախնդրութիւն մը հայ երիտասարդութեան նկատմամբ։

Հայ Եկեղեցին եւս, նո՛յն մօտեցումով ու նո՛յն մտահոգութենէն մեկնած, սկսած է վերարժեւորել մեր կեանքէն ներս երիտասարդութեան ներկայութեան ու դերակատարութեան հրամայական անհրաժեշտութիւնը։ Այսպէս, շուրջ վեց տարիներ առաջ կաթողիկոսարանէն ներս, կը գրէ Արարմ Ա Վեհափառը, հաստատեցինք երիտասարդութեան յատուկ բաժանմունք։ Թելադրեցինք մեր թեմերուն՝ առաջնորդարաններու ծառայութեան ծիրէն ներս երիտասարդութեան յատուկ ծրագիրներ մշակել։ Երեք առիթներով երիտասարդաց համասփիւռքեան համագումարներ կազմակերպեցինք եւ վերջին երկու ազգային ընդհանուր ժողովներուն օրակարգի առանձին նիւթ դարձուցինք երիտասարդութիւնը։ Զանազան առիթներով, անգլերէն լեզուով ու երկխօսութեան ձեւով, եւ նկատի ունենալով յատկապէս արեւմտեան երկիրներուն մէջ ապրող մեր երիտասարդները, ներկայ երիտասարդութիւնը յուզող խնդիրներուն անդրադարձանք։ Այս աշխատանքներուն առընթեր, Մեր ուշադրութեան յատուկ առարկան դարձաւ միշտ երիտասարդութիւնը միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութեանց, քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեան եւ կաթողիկոսարանի առաքելութեան այլ բնագաւառներէն ներս։

Հակառակ այս գործնական քայլերուն՝ բաւարար չենք նկատեր երիտասարդութեան ուղղութեամբ ցարդ կատարուած աշխատանքը։ Տակաւին շա՜տ ընելիք կայ։ Նո՛յն մտահոգութիւնը յայտնեցինք վերջին Ազգ. ընդհանուր ժողովին՝ ըսելով Երիտասարդութիւնը մեր եկեղեցւոյ, մեր ազգին ու հայրենիքին եւ մեր բոլոր կառոյցներուն համար հարկ է որ դառնայ մնայուն ու հիմնական մտասեւեռում։ Եթէ կ՛ուզենք հայրենիքը զօրացնել, պէտք է դառնանք երիտասարդութեան. եթէ կ՛ուզենք եկեղեցին պայծառացնել, պէտք է դառնանք երիտասարդութեան. եթէ կ՛ուզենք մշակոյթ ծաղկեցնել, դարձեալ պէտք է դառնանք երիտասարդութեան։

Արդ, մեկնելով այս անհերքելի իրողութենէն՝ պիտի ուզէինք հրաւիրել մեր երիտասարդները լրջօրէն խորհրդածելու կարգ մը երեւոյթներու ու մտահոգութիւններու մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.